2014-04-12 08:15:18

Արդի եկեղեցւոյ պատմութեան երկու մեծ Քահանայապետներ` Յովհաննէս ԻԳ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ։


Յովհաննէս ԻԳ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետները պատմական մեծ դեր մը ունեցած են արդի եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Անոնք մեծապէս գնահատուած են ոչ միայն կաթողիկէ հաւատացեալներէն, այլ եւ քոյր եկեղեցիներէ ու այլ կրօներու անդամներէն։

Առաջինը` Յովհաննէս ԻԳ, իր ժամանակակից մարդիկը հրաւիրեց սորվիլ ժամանակի նշանները կարդալ եւ Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի բացումը հռչակելով բացայայտ ապացոյց մը տուաւ թէ ինչպէս Եկեղեցին կարող է դիմագրաւել արդի ժամանակներու մարտահրաւէրները ու ապրիլ Քրիստոսի պատգամը։

Յովհաննէս Պօղոս Բ եւս մեծ դեր մը ունեցաւ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Մեծապէս յարգուած էր ոչ միայն քոյր եկեղեցիներէն այլ եւ մահմետականներէն ու ասիական գլխաւոր կրօներէն։ Ան Եկեղեցին մօտեցուց ազգերուն։

Երկու Քահանայապետները դրական ներդրում ունեցան ընկերութեան մէջ։ Յովհաննէս ԻԳ-ի ''խաղաղութիւն երկրի վրայ'' շրջաբերական թուղթը, որուն 51-րդ յիշատակութիւնը նշուեցաւ 11 ապրիլին, եղաւ առաջին վաւերաթուղթը որ ուղղուեցաւ ոչ միայն քրիստոնեայ հաւատացեալներուն այլ եւ բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց։ Անով Քահանայապետը հրաւիրեց ամէն անհատ աշխատելու ի սպաս բարիին, արդարութեան եւ եղբայրօգնութեան, խաղաղութիւն եւ ներդաշնակութիւն հաստատելու ընկերութեան մէջ։ Խաղաղութիւնը կը պահանջէ մշտատեւ աշխատանք։ Շրջաբերական թուղթին մէջ Յովհաննէս ԻԳ կը շեշտէ մարդկային հիմնական իրաւունքներու վրայ` կեանքի իրաւունքը, ֆիզիքական ամբողջութեան իրաւունքը, սննդառութեան, զգեստի, բնակարանի, հանգիստի, առողջապահութեան, անհատի յարգանքի, ազատութեան փնտռտուքի, խօսքի ազատութեան, տեղեկատուութեան ազատութեան, պաշտամունքի իրաւունք ...եւայլն։

Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը եղաւ մեծ ռահվիրան մը։ Ան պաշտպան կանգնեցաւ կրօնքի ազատութեան, համամիութեան ու միջկրօնական երկխօսութեան։ Այցելեց եւ ունկնդրութիւն շնորհեց կրօնապետերու։ Ան ամէն տեղ հռչակեց Քրիստոսի անունը ու նպաստեց եկեղեցւոյ բարգաւաճումին ու պայծառութեան։

Այս երկու մեծ Քահանայապետներու սրբադասումին լուրը հաւատացեալներէն ընդունուեցաւ անհուն ուրախութեամբ ։ Յովհաննէս ԻԳ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետներու կեանքն ու ուսուցումը կը շարունակեն ներշնչել համայն քրիստոնեաները` շարունակելու իրենց աւետարանական առաքելութիւնը։
Անոնց կեանքը կը խթանէ ամէնքս շարունակելու պայքարը ամէն անհատի իրաւունքի պաշտպանութեան, ազգերու ու կրօներու միջեւ համագործակցութեան ուղղութեամբ։
Անոնք կը քաջալերեն մեզ կառչած մնալ քրիստոնէական հաւատքին, հակառակ կեանքի դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, մեր աչքին առջեւ միշտ ունենալով Քրիստոսը` որ չարչարուեցաւ, մեռաւ ու երրորդ օրը Յարութիւն առաւ, մեզի կեանք պարգեւելու ու մեզ փրկելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.